Հայ ընթերցողի եւ հայերէն ընթերցողի թիւի նւազումը ընդհանուր երեւոյթ է: Թեթեւսոլիկ տեսակ մը իմաստութեամբ պատշաճած ենք կացութեան, նոյնքան թեթեւսոլիկ կեցւածքով այս հարցը իր խորքով եւ ապագայի հետեւանքներով չենք արծարծեր՝ մարդ չխրտչեցնելու ազգավնաս գործնապաշտութեամբ: Այս կացութեան մէջ բնական է, որ մշակութային եւ քաղաքական համակարգւած ռազմավարութիւն չունինք, հարցը օրակարգ չէ: Իսկ առանց այս բովանդակութեան՝ քաղաքականութիւնը սոսկ անմիջականի թափահարում է: