Նայիրի բառարանը արեւմտահայերէնի ելեկտրոնային բառարան մըն է ամբողջական ուղղագրութիւն սրբագրիչով եւ արմատ-վերլուծիչով։
Նայիրի կայքին գաղափարը մէջտեղ եկաւ երբ ի զուր նեղութիւն կը քաշէի հայերէն օրաթերթ կարդալու ատեն: Արուեստագիտապէս զարգացած աշխարհի մը մէջ բառերու իմաստներ բառարանին մէջ փնտռելը հնադարեան յոգնութիւն էր: Գոնէ նոյնքան դժուար էր բարեկամի մը նամակ գրել – ուղղագրութիւն սրբագրել կը նշանակէր նորէն բառարանը պրպտել:
Այս երեւոյթը պէտք էր բարելաւել: Լուծումը հայերէնի ելեկտրոնիկ բառարան ստեղծելն էր անոր վրայ աւելցնելով ուղղագրութեան սրբագրումի եւ արմատական վերլուծումի կարողութիւն: