«Հայ լեզուն` աղբիւր յաւերժութեան» ժողովածուն կը սկսի Վարդան Վրդ. Արևելցիի թարգմանիչ վարդապետներուն նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականով, ուր ան սրտառուչ օրհներգութեամբ կը կտարէ գովքը Սուրբ Սահակի, Սուրբ Մեսրոպի եւ հայ գիրի բազմաշնորհ նուիրեալներուն, որոնք իմացական անխոնջ տքնութեամբ կերտեցին Ոսկեդարը Հայասատանեայց Գրականութեան:
Սոյն ժողովածուն կը բաղկանայ հիմնական երկու մասերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ’ընդգծէ 25 բանաստեղծութիւններ: Առանձին մասը յատկացուած է արեւմտահայ, իսկ երկրորդը` արեւելահայ բանաստեղծութիւններու:
Այսպէս, առաջին մասին մէջ, Եղիշէ Արք., Դուրեան Հայ Գրերու Գիւտին առիթով կ’ոգեկոչէ յիշատակը Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, որուն գերեզմանը Օշական գիւղին մէջ դարերէ ի վեր դարձած է ուխտավայր եւ սրբախորհուրդ ապրումներու ներշնչարան:
Հայրենի լեզուի հանդէպ իր սէրը պաշտանմունքի կը վերածէ Սիպիլ եւ ցոյց կու տայ այն բախտորոշ դերը, զոր ստանձնած է մայրենի լեզուն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կեանքի զարգացման հոլովույթի ընթացքին:
Վահան Թէքէեան «Տաղ Հայերէն Լեզուին» խորագիրով բանաստեղծութեամբ, հայ լեզուն կը նմանցնէ գեղեցիկ մրգաստանի մը, որուն բառերը մէյ-մէկ քղցրահամ պտուղներ են: Բանաստեղծը կը զարմանայ, թէ այդ խորհրդանշական պարտէզը ինչպէ՞ս արդեօք կրցած է տոկալ ժամանակի գրոհներուն եւ մնալ անվթար, մինչդեռ նոյն շրջապատին մէջ բազմաթիւ այլ պարտէզներ դարձած են լերկ եւ խորշակահար…
Պէտք է նկատել, որ բազում բանաստեղծներ գովաբանական խօսքեր արտայայտեցին հայ լեզուի մասին դրուատելով անոր լեզուական բարեմասնութիւնները եւ կատարեցին գովքը նաեւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին իբրեւ հրաշագործ ոյժը Հայ Գրերու Գիւտին: Այս առումով, Սիամանթոյի «Գիւտին փառքը» բանաստեղծութիւնը գովաբանական զգացումներու հեղեղային պոռթկում մըն է, ուր բանաստեղծը պատկերաւոր մտածումներով կը բնութագրէ հանճարեղ միտքը եւ իմացական վարքը Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին: Գեղարուեստական զօրեղ կառոյցով օժտըւված եւ սրտի յորդազեղ խռովքներեվ բաբախուն սոյն բանաստեղծութիւնը կը մնայ հայ գրականութեան անկորչելի իրագուրծումը:
Պէտք է ըսել, որ իւրաքանչիւր բանաստեղծ հայ լեզուի եւ Սուրբ Մեսրոպի մասին իր մտածումները կ’արտայայտէ իւրայատուկ ըմբռնումով:
Այսպէս, Լեւոն Էսաճեան կ’ըսէ, թէ մեր նախահայրերը արեւապաշտ էին, եւ կը պաշտէին արեւի լոյսը, իսկ մենք, արեգակի տեղ կը պաշտենք մեր մայրենի բարբառը:
Ըստ Ահարոն Տատուրեանի թէեւ հայ լեզուն հալածուեցաւ սարէ սար մեր դարաւոր ոսոխներուն կողմէ, սակայն ոչ արաբին նետը եւ ոչ ալ պարսիկին գեղարդը կրցան բեկանել անոր սաւառնաթեւ թռիչքը:
Յակոբ Գույումճեան կ’ըսէ, թէ մեր գոյութեան անառիկ ամրոցն է հայ լեզուն, որ շնորհիւ իր հզօր դիմադրականութեան` ոչ մէկ փոթորիկ զայն կրցաւ փլուզել: Բանաստեղծը կը թելադրէ իր զաւկին, որ փոխանցէ հայ լեզուն սերունդներուն, իբրեւ մեր իմացական հարստութեան անփոխարինելի ժառանգութիւնը:
Մուշեղ Իշխան «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութեամբ կը նմանցնէ հայ լեզուն ընտանեկան տոհմիկ օճախի մը, ուրկէ ամէն հայ, ո′ւր ալ գտնուի, կրնայ մտնել իր հարազատ տան պէս եւ այնտեղ ան կը մնայ ազատ արտաքին աշխարհի ջլատիչ պայմաններէն: Բանաստեղծը ըսել կ’ուզէ, թէ երբ իւրաքանչիւր հայ մոռնայ իր մայրենի լեզուն եւ հեռանայ իր ցեղային աւանդութիւններէն` կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը օտար բարքերու խաճամուժին մէջ:
Ժագ Ս. Յակոբեան կը նոյնացնէ հայ լեզուն մեր հոգեւոր սրբութիւններուն եւ հայ հոգիի յավերժութեան հետ:
Ըստ Սարգիս Սահակեանի, հայ լեզուն գոյատեւած է դարեր շարունակ շնորհիւ իր ներգոյակ զօրութեան եւ այս բարեյատկութեամբ, պահած իր կենդանութիւնը` աւազի մէջ գոյատեւող զուլալ ջուրի նման եւ պահած իր մշտնջենական գեղեցկութիւնը եւ թարմութիւնը` սպիտակ շուշանի մը պէս: Ու եթէ իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին հայ լեզուն դարձած է գահավէժ, սակայն կարճատեւ ժամանակի մը մէջ յաղթական շքերթի վերածած է ան իր գոյապայքարը…
«Հայ լեզուն` աղբիւր յաւերժութեան» խորագրով ժողովածուին երկրորդ մասը կը բաղկանայ 25 արեւելահայերէն բանաստեղծութիւններէ, որոնք կը ներկայանան ժամանակագրական կարգով:
Արդարեւ, Միքայէլ Նալբանդեան Արամ Նահապետի յիշատակին ձօնած իր բանաստեղծութեամբ կը հաստատէ, թէ հայ լեզուն բազում դարեր ենթարկուեցաւ հայ ժողովուրդի դառն ճակատագրին, բայց ամէն ընկրկումէ ետք դարձավ յաղթ ու տիրական եւ վերստին ողջունեց կեանքը` մոխիրներէն յառնող փիւնիկի նման…
Ստեփանոս Նազարեան կ’ըսէ, թէ ոչ մէկ բարբառ այնքան հոգեհարազատ կը թուին իրեն որքան մայրենի լեզուն: Հետեւաբար, ան կը բաղձայ որ հայ լեզուն ծաղկի հայերնի հողին վրայ, ուր բոցավառի իւրաքանչիւր հայու սիրտը, անոր վարակիչ ջերմութեամբ:
Միքայէլ Նալբանդեանի նման, Յովհաննէս Թունաեան եւս կը հաստատէ այն իրողութիւնը, որ թէեւ բախտը հարուածեց հայ ժողովուրդի զաւակները, ցրուեց եւ տարածեց զանոնք երկրէ երկիր, բայց անոնց սրտերը շուտով ոգեւորուեցան հայրենի հողին վրայ, շնորհիւ հայ գրքի ու գրի բարերար մտերմութեան:
Աննպաստ պայմաններու բերումով, երբ Վահան Տէրեան կը վարէ վտարանդի կեանք մը օտար երդիքներու տակ, կ’ըսէ, թէ կարոօտով կ’երազէ իր հայրենիքը, ուր աղօթքի պէս կը հնչէ հայերէն լեզուն:
Աւետիք Իսահակեան եւս կ’ըսէ, թէ հայ լեզուն հայրենիքի նման դարերու ընթացքին թէեւ ինկած է ոսոխներու լուծին տակ, բայց ծաղկած է կրկին հրաշափառ յարուեամբ եւ իմաստաւորած հայրենի աշխարհը` իր քաղցրահունչ բառերով: Այս յղացքով, Իսահակեան կ’արտայայտէ այն մտածումը, թէ այնքան ատեն որ հայ երիտասարդը կը հերկէ հայրենի հողը եւ գուսանը կը յօրինէ սիրոյ երգեր` դալար կը մնան հայրենական դաշտերը եւ հայ լեզուն կը մնայ անմահ…
Ըստ Չարենցի, հայ լեզուն կը յղկուի շարունակ լեզուագէտներու կողմէ ու կը փայլի մարմարի պէս, բայց կը պահէ իր կենդանի ոգին, որպէսզի յարմարի ժամանակի մշտանորոգ ըմբռնումներուն: Այս պատճառաւ, կ’ըսէ, ոչ Տէրեանի, ոչ Նարեկի եւ ոչ Թումանեանի բարբառները չեն կրնար սերտ աղերս ունենալ ժամանակակից հայ լեզուի ոգիի հետ:
Համօ Սահեան կ’ըսէ, թէ մեր հանապազօրեայ հացն է հայ լեզուն, աղի նման կենսական եւ արիւնի պէս թանկ: Թէ` մեր խղճմտանքն է հայ լեզուն եւ մեր անփոխարինելի սէրը:
Յովհաննէս Շիրազ կը թելադրէ հայրենադարձ պատանիին, որ հայրենի հողին վրայ խօսի իր մայրենի լեզուն միայն, որովհետեւ, կ’ըսէ, իսկական հայը յովազի երախի մէջ իսկ հայերէն կը խօսի:
Իր հերթին, Սիլվա Կապուտիկեան կը պատուիրէ իր զաւկին թէ ո′ւր ալ գտնուի եւ կենցաղական ի′նչ պայմաններու տակ ալ ապրի չմոռնայ մայրենի լեզուն եւ զայն գերադաս նկատէ սեփական ամէն նախասիրութենէ:
Ուշագրաւ են Պերճ Մշեցիի «Յեղափոխական այբուբեն», Զարեհ Խրախունիի «Այբուբեն» եւ Գուրգէն Մահարիի «36» խորագիրները կրող բանաստեղծութիւնները, ուր յիշեալ գրողները հայերէն լեզուի 36 տառերու օգտագործումով մեր ազգային յեղափոխական կեանքի եւ ընդհանրական երեւոյթներու շուրջ կը փոխանցեն պատկերաւոր ծանօթութիւններ:
Սոյն ծողովոծուի աւարտին զետեղուած է աշակերտներու յատուկ բառարան մը, ուր կը տրուի իւրաքանչիւր բանաստեղծուեան հետ առնչուած որոշ բառերու իմաստը:
Պէտք է ըսել, որ խնամքով պատրաստուած շահեկան հրատարակութիւն մըն է «Հայ լեզուն` աղբիւր յաւերժութեան» խորագրով ժողովածուն, ուր ի յայտ կու գան մայրենի լեզուի շուրջ դասական եւ արդի հայ բանաստեղծներու գործերը: Այս հանգամաքով, սոյն հատորը պէտք է ըլլայ բարձի ընկերը հայկական վարժարան յաճախող իւրաքանչիւր հայ աշակերտին…
Յակոբ Մանուկեան
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնական ամսագիր, դեկտեմբեր, 2007թ., 1034-1036:
Թվայնացումը` Լեզվի ժողվրդական տեսչության