Հայոց լեզուի իսկական պաշտպաններ, ոտքի’

ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ ԿԸ ՊՂԾԵՆ … ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆՄԷՋ

Այսօր, 23 Սեպտեմբեր 2015-ի կէսօրին երբ կ’ուղղուէի Հայաստանի Ազգային Գրադարան` օգտուելու հոն պահուող հայկական պարբերական մամուլէն, ականատեսն եղայ այնպիսի պղծութեան, որուն նմանը անհնար էր երեւակայելն անգամ: Գրադարանի թէ’ Տէրեան փողոցի եւ թէ’ նրբանցքի (հիմնական) մուտքի ապակիներուն փակցուած էին հայազգի (ամէն հայազգի ՀԱՅ չէ) մէկու մը`25 Սեպտեմբերին Հ. Ա. Գ.ի նախատեսուած մէկ ձեռնարկին գունաւոր յայտարարութիւնը, ուր ԱՄԲՈՂՋՈՎԻՆ ԿԸ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ՀԱՅԵՐԷՆԸ: Այս անամօթութիւնը տեսնելս եւ հաւասարակշռութիւնս կորսնցնելը մէկ եղան: Ձայնս բարձրացնելով, Հ. Ա. Գ.ի փոխ-տնօրէն, պատահաբար դէմս ելած եւ մինչեւ այս պահը զայն շատ յարգած Պր. Ռաֆիկ Ղազարեանին ամօթանք տուի ու պահանջեցի անյապաղ հայերէնը աւելցնել կամ այդ օտարալեզու յայտարարութիւն-ծանուցումը վերցնել: Պր. Ղազարեանը ապուշի տեղ դնելով զիս, փորձեց արդարանալ, թէ յայտարարութիւնը տպուած է արտասահմանի մէջ: Այս տրամաբանութեամբ, եթէ թրքերէն յայտարարութիւն ալ բերեն, Հ. Ա. Գ.ի ղեկավարութիւնը սիրայօժա~ր կերպով զայն պիտի տեղադրէ` բացառելով հայերէնն անգամ: Եթէ սա ցեղասպանոթւթիւն չէ, հապա ի՟նչ է…

Հ. Ա. Գ.ի մէջ Հ. Հ.ի Սահմանադրութեան, Լեզուի Օրէնքին եւ հայոց ազգային արժանապատուութեան այս ստոր ոտնահարման փաստը անմիջապէս տեղեկացուցի Լեզուի Պետական Տեսչութեան Լեզուական Վերահսկողութեան Բաժինի պետին` պահանջելով անմիջապէս դիմել օրէնքով իրենց տրուած լիազօրութիւնները ի գործ դնելու` վերացնելու այս անամօթութիւնը:

Ձեզի տեղեկացնելով այս մասին, հայու իրաւունքով եւ հայու պարտաւորութեամբ կը պահանջեմ ձեզմէ` դատապարտել Հայաստանի Ազգային Գրադարանի ղեկավարութեան այս ազգադաւ վերաբերմունքը հայոց լեզուի նկատմամբ, եւ, այս պղծութիւնը անյապաղ չվերացնելու պարագային, պահանջել անոնց դուրս շպրտուիլը հայոց լեզուի այդ սրբարանէն:

Գէորգ Եազըճեան

Գրառումը կատարվել է Գերատեսչություններ և կազմակերպություններ, Լուրեր, Խախտումներ բաժնում։ Էջանշեք այս հղումը.