Լեզվական խախտումներ լիբանանահայ մամուլում

Սիրելի՛ Շահան,

Երէկ՝ Կիրակի գիշեր Պէյրութէն ստացայ լիբանանահայ մամուլի վերջին օրերուն թիւերը, եւ ըստ սովորութեանս, զանոնք լափեցի երէկ եւ այսօր:

«Ազդակ»ի հրապարակումներուն առնչուած կուզեմ կարգ մը կէտեր յանձնել ուշադրութեանդ:

— 11 Յուլիսի թիւի 5-րդ էջին մէջ հրապարակուած՝ Արսէն Յակոբեանի պատասխանին մէջ մուտքագրման վրիպակները շատ-շատ էին: Բացի անոնցմէ, տեղ գտած էր ռուսաբանութիւն գարշահոտող «ցանկացած» բառը՝«իւրաքանչիւր», «ամէն», «որեւէ» հայերէն բառին փոխարէն: Կառաջարկեմ, որ թերթին բոլոր աշխատակիցները զգուշացնես, որ արեւելահայերէնով ստացուած նիւթերուն մէջ «ցանկացած» եւ «ստացուիլ» ՅՈՅԺ ԱՆՑԱՆԿԱԼԻ ռուսաբանութիւնները ԱՆՊԱՅՄԱՆՕՐԷՆ փոխարինեն յիշածս բառերով եւ «պատահիլ», «ըլլալ», «տեղի ունենալ»,«յաջողիլ» կամ «կատարուիլ» բայերով՝ ըստ նախադասութեան իմաստին:

— 12 Յուլիսի 3-րդ էջին վերը տեղ գտած՝ Հ. Յ. Դ.ի նոր անդամներու երդմնատուութեան լուրին մէջ տպուած է«Կոմիտասի անուան պանթէոն» բառակապակցութիւնը: Ասիկա հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ շատ տարածուած սխալներէն է: Ճիշդն է՝ «Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոն»: Զբօսայգի՛ն կը կոչուի Կոմիտասի անունով եւ ո՛չ թէ անոր մէկ մասը կազմող հայ մեծերուն գերեզմաններով ձեւաւորուած պանթէոնին: Այլ հարց թէբնաւ կարելի չէ մեծ կոչել հոն թաղուած զգաճաճն Անդրանիկ Մարգարեանը, որու երբեմնի ղեկավարած կուսակցութեան հետ Հ. Յ. Դ.ն այսօր հերթական անգամ կը կիսէ Հանրապետական կոչուածներուն բոլոր էշութիւններուն, նոյնիսկ կըսէի՝ դաւաճանութիւններուն պատասխանատուութիւնը՝ արդի ժամանակներուն Հ. Յ. Դ.ի գործած մեծագոյն սխալներէն մէկը:

— 13 Յուլիսի թիւին մէջ ընդվզումով կարդացի Արամ Սոմունճեանի «Մինչեւ Ե՞րբ» վերնագրուած գրութիւնը լիբանանահայ այն դպրոցին մասին, որ իր կայքէջին նիւթերը կը տեղադրէ միայն ֆրանսերէնով՝ ԱՄԲՈՂՋՈՎԻՆ ԱՆՏԵՍԵԼՈՎ ՀԱՅԵՐԷՆԸ: Կը փափաքէի, որ յարգարժան հեղինակը յականէ յանուանէ տար այդ իբրեւ թէ հայկական դպրոցին եւ զայն ղեկավարող ՍՏՈՐ ԱՐԱՐԱԾներուն անունները, որպէսզի գիտնայինք, թէ զո՞վ պէտք է նզովենք Սրբազնասուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին ալ «բարեխօսութեամբ» եւ զո՞վ հայոց պատմութեան աղբամանը նետենք: Յաւելեալ ժամանակս պիտի խլէ այդ ստահակներուն յայտնաբերումը Համացանցին մէջ: Պիտի աշխատիմ գտնել զանոնք եւ զիրենք զգուշացնել նման պղծութիւնը շարունակելու՝ իրենց համար յոյժ անցանկալի հետեւանքներէն:

«Ազդակ»ի թիւերուն մէջ կը հանդիպին նաեւ լեզուական սխալներ: Օրինակ, 14 Յուլիսի թիւի վերջին էջին վերը, վերնագիրի մը մէջ կը կարդանք. «Քլինթըն 13 կէտով կը գերազանցէ Թրամփին»: «Գերազանցել» բայը հայցական հոլով կուզէ, ուստի հոն ճիշդ պիտի ըլլար տպել՝ «Թրամփը»: «Ազդակ»ի թիւերուն մէջ տեղ գտնող լեզուական սխալներուն մէջ չեմ խորանար՝ այդ հարցը նկատելով յարգարժան Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանին բո՛ւն …«մասնագիտութիւն»ը՝ երեւի ատամնաբուժութենէն ալ առաջ:

— Ընդհանուր նկատողութիւն մը. հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ, ներառեալ «Ազդակ»ը, համաճարակի նման տարածուած է CV յապաւումը, որ լատիներէն Curriculum Vitae բառերուն յապաւումն է: Ինչո՞ւ մէկ կողմ նետած ենք հայերէնի «կենսագրութիւն» բառը՝ կը զարմանամ եւ կը զայրանամ: Ի՞նչ է՝ տե՞ղ կը խնայենք, հոգ չէ թէ հայոց լեզուն պղծուի՞:

Լաւագոյն մաղթանքներով՝ Գէորգ Եազըճեան

Գրառումը կատարվել է Գերատեսչություններ և կազմակերպություններ, ԶԼՄ-ներ, Խախտումներ, Սփյուռք բաժնում։ Էջանշեք այս հղումը.