Ի ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ, Ի ՄԱՍՆԱՒՈՐԻ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. ԱՐԱՄ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Նայեցէ՛ք կցուած խմբանկարին մէջ երեւցող հայազգի, ԲԱՅՑ ՀԱՅՈՒԹԵՆԷ ՊԱՐՊՈՒԱԾ արարածներուն: Խումբ մը լիբանանահայեր՝ ազգային կառոյցներու պատասխանատունե՜ր, հայկական դպրոցներու հայագիտական առարկաներու ուսուցիչնե՜ր եւ տնօրէ՜ն, Մեսրոպ Մաշտոցը սրբացուցած մեր Եկեղեցւոյ քահանայ հայր մը, շատ հաւանաբար հերթական շքանշանա-մետալատուչութեան առթիւ լուսանկարուած են Հ. Հ.ի սփիւռքի նախարարուհի Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանին եւ Լիբանանի մէջ Հ. Հ.ի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պր. Սամուէլ Մկրտչեանին հետ՝ տիկնոջ օրերս Լիբանան կատարած հերթական այցի օրերուն: Գրեթէ բոլորն ալ գոհունակ տեսք ունին, ոմանք՝ նոյնիսկ կը ժպտին, մինչդեռ իրենց գործած ՍՐԲԱՊՂԾՈՒԹԵԱՆ համար պէտք է ԳԵՏՆԻՆ ՏԱ՛ԿԸ ԱՆՑՆԷԻՆ: Այս կերպարներուն երեւի բոլորն ալ, առանց բացառութեան, միշտ կը խօսին ու կը գրեն-կը մրոտեն հայոց լեզուին ու անոր ազգապահպան գործառոյթին մասին: Բայց մէյ մը աչք նետեցէ՛ք նախարարուհի + դեսպան զոյգին ետեւի գրութեան, ուր ՀԱՅԵՐԷՆԻ, այսինքն՝ ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ Հ. Հ.Ի ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԻԱԿ ԼԵԶՈՒԻ նշոյլն իսկ չկայ:

Ի՞նչ որակում տալ այս երեւոյթին: Ես ունիմ անոր ի՛մ գնահատականը, սակայն դաստիարակութիւնս եւ բարոյականութիւնը թոյլ չեն տար հայհոյանքներ հրապարակել:

Այդուհանդերձ, այս խմբանկարը կեդրոնական տեղերէն մէկը պիտի զբաղցնէ Մայրենիի օրուան առթիւ (յաջորդ տարուայ Փետրուարին) Երեւանի մէջ իմ կազմակերպած ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՀԱՅԱԶԳԻ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐ խորագիրով ցուցահանդէսին մէջ:

Այս բոլորէն ետք, այս հայանուն կերպարներուն երեսին կրնա՞մ չշպրտել իրենց «մայրենի» լեզուով.

What are you doing with the Armenian language? Are you Armenian or Turk?

Գէորգ Եազըճեան

Երեւան, 13 դեկտեմբեր 2016

Գրառումը կատարվել է Գերատեսչություններ և կազմակերպություններ, Գործարարություն, ԶԼՄ-ներ, Լուրեր, Սփյուռք բաժնում։ Էջանշեք այս հղումը.