«Վերջին 23 տարիներու ընթացքին, միայն Գալիֆորնիոյ մէջ, փակուած է 21 օրաթերթ, շաբաթաթերթ եւ ամսագիր»,- այս մասին Արեւելք»” href=”http://www.arevelk.am”>«Արեւելք»-ին յայտնեց ամերիկահայ գրող Յովսէփ Նալպանտեան, ընդգծելով որ իրավիճակը շատ տարբեր չէ հայկական դպրոցներու պարագային եւս, ուր «վերջին 7 տարիներուն՝ 2 դպրոց եւ մէկ դպրոցի երկրորդական բաժին փակուած են, ամենօրեայ դպրոցները կորսնցուցած են իրենց աշակերտութեան թիւին 30-35 տոկոսը», նշելով, որ ամբողջ Ամերիկայի տարածքին հայկական դպրոցներու մէջ, հայ ուսանողներու թիւը, ընդամէնը աշակերտութեան թիւին 2 տոկոսն է եւ շեշտեց, որ «ամերիկահայութիւնը այսօր ծանր վիճակը մէջ է:
Մեր զրուցակիցը միւս կողմէն խօսելով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մասին, նշեց, որ Թուրքիա, վերջին 20-25 տարիներուն, Իսրայէլէն վերջ, Միջին Արեւելքի երկրորդ երկիրը դարձած է. նշեց, թէ ան որպէս ՆԱԹՕ-ի հիմնական երկրորդ ռազմական ուժ՝ Ամերիկայի ձախ թեւը կը համարուի, մինչ Իսրայէլը՝ աջը: Ան յայտնեց նաեւ, թէ թուրքերը ինչպիսի մեծ ջանք կը թափեն իրենց քաղաքականութեան բարելաւման նպատակով, մինչ հայութիւնը որպէս ազգ եւ պետութիւն շատ տկար է այս հարցով յառաջխաղացք կատարելու: «2013-էն մինչեւ 2015 թուականները, 2.5 տարուան մէջ, թրքական լոպիիզմը, աւելի քան 300 միլիոն տոլար ծախսած է Ամերիկայի մէջ, ի շահ թրքական քաղաքականութեան, սակայն մենք, նոյնիսկ անոր 5 տոկոսը չենք կրնար ծախսել»:
Այս կապակցութեամբ Նալպանտեան յիշեցնելով, որ «Հայաստան» հիմնադրամը այս տարի 15 միլիոն 400 հազար տոլարէն աւելի գումար հաւաքած էր, որուն 5 միլիոն տոլարը նուիրած է ամերիկահայ Անդրանիկ Պաղտասարեանը, իսկ մօտ 1 միլիոն տոլարը՝ ուրիշ միլիոնատէր մը, ընդգծեց, որ ամբողջ հայութիւնը տարեկան մէկ անգամ 9 միլիոն տոլար կը հաւաքէ, մինչ Կիւլէնի նման մէկը առանձին, վերջին 10 տարիներուն 75-80 միլիոն տոլար դրած է, տարբեր քաղաքներու մէջ պայմանգրեալ թրքական դպրոցներ բանալու նպատակով: «Վերջին 6-7 ամիսներուն, թուրք կրօնաւոր, իսլամ քարոզիչ, միլիառատէր Ֆէթհիւլլա Կիւլէն աշխատանք տարած է՝ Ամերիկայի տարբեր նահանգներուն մէջ աւելի քան 145 պայմանագրեալ ամենօրեայ դպրոց բանալու, ուր անգլերէնի կողքին թրքերէն կը դասաւանդուի: Մինչ մենք, այստեղ, Լոս Անճելըսի մէջ, ընդամէնը մէկ դպրոց ունինք, իսկ երկրորդը բանալու համար աշխատանք կը տանինք: Գալիֆորնիոյ մէջ, թրքական կողմի այսպիսի հսկայ աշխատանքին դիմաց՝ նոյնիսկ 10 տոկոս աշխատանք չենք տանիր»,-ըսաւ ան, շեշտելով, որ հայութիւնը պէտք է լրջօրէն մտածէ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի զարգացող յարաբերութեան մասին եւ գործնական քայլերու դիմէ, փոխանակ «իրար խաբելու» եւ «սուտ ու անօգուտ» յայտարարութիւններ ընելու այն մասին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին 100 հազար հոգի արշաւի մասնակցած է. «Պէտք է հասկնանք, որ այն մարդիկ, որոնք տարին մէկ անգամ 2-3 ժամ արշաւին քալելով, դիմատետրի վրայ «I am born to be an Armenian».- կը գրեն, տարուան մնացեալ 364 օրը ոչինչ կ’ընեն հայութեան համար» հաստատեց ան, աւելցելով, որ պէտք է ըմբռնել ու հասկնալ, որ այս ձեւով կարելի չէ շարունակել:
«Արեւելք»ի զրուցակիցը յուսահատութեամբ յայտնեց նաեւ, որ 2005-2006-ին հայութեան ծանր վիճակի մասին իր հնչեցուցած ահազանգին ո՛չ լսող եղած էր, ո՛չ առաջքը առնող, աւելցնելով, որ եթէ այսպէս շարունակուի 2-3 տարուան մէջ, մի քանի ամենօրեայ հայկական դարոց ալ պիտի փակուի: «Մենք, փոխանակ թուրքերուն ըրածի կամ ընելիքին մասին մտածելու, պէտք է մտածենք, որ սփիւռքի տարածքին ահաւոր ծանր վիճակի մէջ է հայապահպանուման գործը եւ հայկական կազմակեպութիւններու վիճակը», -ըսաւ ան, աւելցնելով, որ այս հարցերուն լուծման մասին «Ինչպէս պէտք է ստեղծուի սփիւռքեան համահայկական Գոնկրէսը» խորագրով յօդուած մը գրած է 2009-ին:
Նալպանտեան, խօսելով վերջին տարիներուն հրապարակի վրայ երեւցող Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան վտարանդի կառավարութեան մասին, ըսաւ, որ Հայաստանի պետութեան վտարանդի կառավարութիւնը վնասակար միոութիւն մըն է եւ կը միտի հայութեան մէջ մասնատում առաջացնել: Անոնք ժողովուրդը կը խաբեն եւ 10 տոլարի քաղաքացիութիւն կը ծախեն»:
Նալպանտեան ցաւ յայտնելով, «Արեւելք»ին տեղեկացուց, որ ինք որպէս ամերիկահայութեան հիմնահարցերու լուծում՝ միասնական պիւտճէ ստեղծելու առաջարկով բազմիցս դիմած է Լոս Անճելըսի բոլոր ղեկավարներուն, «սակայն բոլորն ալ ծիծաղի առարկայ դարձուցած են ըսածներս»: Մեր զրուցակիցը նշեց, որ երկու անգամ «US Armenia»-ի հաղորդավար Արտեմ Սարգիսեանի ծրագրով իր մշակած՝ միացեալ պիւտճէի ծրագրի մասին ելոյթ ունեցած է: Մանրամասնելով ծրագրի մասին Նալպանտեան բացատրեց. «ՀԲԸՄ, ՀՕՖ եւ Աւետարանչական միջազգային կազմակերպութեան բարեսիրական թեւը, որ ԱՀԱԸ կը կոչուի, այս երեքը միասին ունին աւելի քան 600 միլիոն տոլար, որոնք միասնաբար ամէն տարի 50-55 միլիոն տոլար կը ծախսեն հայութեան տարբեր ծրագիրներուն: Առաջարկս հետեւեալն էր, որ այս կազմակերպութիւնները, ամէն տարի իրենց ծախսի 15-20 տոկոսը, որ տարեկան միջին հաշուով կը կազմէ 10-15 միլիոն տոլար, միասնական պիւտճէի մը յատկացնեն եւ որպէս հիմնադրամ այնտեղ դրուի: Նշեալ գումարը 3-4 տարուան ընթացքին 35-40 միլիոն տոլարի ընդհանուր գումար մը կը կազմէ: Միեւնոյն ժամանակ աշխատիլ տարբեր միլիառատէրերու հետ, որպէսզի անոնք ալ գումար ներդնեն եւ 3-4 տարուան ընթացքին հաշիւը հասցնել 100 միլիոն անձեռնմխելի գումարի»: Նալպանտեան յայտնեց, որ իր ծրագրի համաձայն, այդ գումարը պիտի յատկացուի նախ՝ վտանգուած հայկական դպրոցները փակուելէ փրկելու եւ երկրորդ՝ նորերը բանալու, մանաւանդ Լոս Անճելըսի նման տարբեր հայաշատ վայրերու մէջ: «Եթէ մենք այդ պիւտճէն չստեղծենք յաջորդ 1-2 տարիներուն, ամերիկահայութեան արդէն ծանր վիճակը շատ աւելի վատ պիտի ըլլայ»,- եզրափակեց ան:
Աղբյուրը` arevelk.am