ՊՏՂՈՒՆՑ ՄԸ ԴԱՌՆ ԵՐԳԻԾԱՆՔ- Երբ Վարչապետը Զայրանայ…

Ապրիլ 24ի երեկոյեան, անձկագին սպասումով պատկերասփիւռիս դիմաց տեղ գրաւեցի ժամը 9էն քանի մը վայրկեան առաջ, Հայաստանէն քաղուած լուրերու հաղորդումին հետեւելու համար։

Ակնկալութիւնս արդարացաւ. Հայաստանէն ու աշխարհի չորս ծագերէն լուրերու հաղորդումը ըստ բաւականին ամբողջական ու համապարփակ էր, միւս օրերուն նման ընդմիջումներ չունեցաւ առեւտրական ծանուցումներով, այլ նաեւ տեւեց միւս օրերէն աւելի երկար. խօսնակները արձագանգ եղան Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ Հայաստանի տարբեր աւաններ ու Մոնթեպելլօ, Ֆրանսայէն մինչեւ Մոսկուա, Անթիլիաս եւ այլուր տեղի ունեցած ոգեկոչական ու պահանջատիրական ելոյթներուն։

Ինծի այնպէս թուեցաւ, որ այդ օրը, խօսնակներն ու ճառախօսները, Ցեղասպանութեան ու մեր պահանջներուն մասին արտայայտուողները, առանց մեծ ճիգ ընելու, բաւական անխառն… հայերէն կը խօսէին, այսինքն, սովորական օտարաբանութիւններով չէին ծանրաբեռներ մայրենին։ Չէ՞ որ իշխանութեան գերագոյն պատասխանատուներէն սկսեալ, մինչեւ նախարարներ, պատմաբաններ, արուեստագէտներ, պետական, կուսակցական ու մտաւորական դէմքեր, նաեւ հասարակ մահկանացուներ ամէն օր առատօրէն օտարաբանութիւններով կ՛ոտնակոխեն անմահ Խաչատուր Աբովեանի անժամանցելի պատգամը, ըստ որուն, բազմաթիւ լեզուներ գիտնալը լաւ է, սակայն հայերէնը պէտք չէ վերածել բազմալեզու աղցանի…։

Գիտէք, չէ՞, ամէն օր կը լսէք. Հայաստանի մէջ մենք ունինք ֆինանսների, էներկետիկայի, տրանսպորտի, տեխնոլոգիայի նախարարութիւններ, կառավարութիւնը որոշ մարզերու օժանդակելու համար կը սուպսիտացնէ, ռեֆորմներ կը ծրագրուին կոնկրետ առաջարկներու հիմամբ, բարձրագոյն կրթութեան հաստատութեանց ու զինուորական վարժարանին մէջ կան կուրսանտներ, մենք կուլտուրական ժողովուրդ ենք, կ՛օգտագործենք աւիաուղիներ…։

Այսուամենայնիւ, օտարաբանութիւնները բոլորովին ալ չէին չքացած Ապրիլ 24ի օրը։ Մերթ ընդ մերթ լսելի եղան կլոպիզացիա, պազա, ռեպորտաժ, ֆենոմէն, փրեմիերա, սկանդալ, կինոյի աստղեր եւ այլ օտար բառեր։

Որոշած էի այդ օրը շատ բարակը չմանել, չվրդովիլ օտարաբանութեանց օգտագործման պատճառով։ Ի վերջոյ, Ապրիլ 24 էր եւ ուշադրութիւնս աւելի կեդրոնացած էր մեր իրագործումներուն վրայ։ Արդէն շատո՜նց ունիմ այն տպաւորութիւնը, որ մեր պետական մարդիկը, լրագրողներ, լուրեր հաղորդողներ եւ հրապարակաւ արտայայտուողներ կա՛մ անգրագէտներու փաղանգներէ կազմուած  են (անգրագէտը միայն գրել-կարդալ չգիտցողը չէ), կամ ալ երբեք պատկերասփիւռ չեն դիտեր, թերթ ու լրատու սպասարկութեանց հաղորդումները չեն կարդար (չէ՞ որ անձնատուր ենք դիմատետրեան դարու բարիքներուն եւ կը մերժենք կարգին բան կարդալ)։ Անգրագիտութիւնը հասած է հոն, որ բառարաններու մէջ իբրեւ հայերէն եզրեր մտած են օտար բառեր, ու գործածողներն ալ համոզուած են, որ այսպէսով մեր լեզուն կը զարգանայ, քայլ կը պահէ նոր դարուն հետ։

Լուրերու հաղորդումը վերջակէտին հասաւ. կիսովին ընկողմանած էի լայնկեկ աթոռիս վրայ, գլուխս յենած՝ յետսամասի բարձիկին, մտածելով, որ արդեօք ինչպիսի՞ վաւերագրական նիւթեր պիտի հաղորդեն քիչ ետք. սովորութիւն դարձած է, որ Ցեղասպանութեան ու թրքական դաւադրութեանց մասին վաւերագրական ժապաւէնները գրաւեն Ապրիլ 24ի յայտագիրները (երբեմն կը պատահի, որ այլ օրեր ալ նման նիւթեր կը ցուցադրուին, ի հեճուկս տխմարացնող «սերիալներ» սպասողներուն)։ Ծայր տուաւ ծանուցումներու շարան մը. կարծէք թէ լուրերու պահուն զեղչուած բոլոր ծանուցումները պէտք էր անպայման ցուցադրուէին այդ պահուն։ Անզգալաբար աչքերս կը փոքրանային ու մրափի տրամադրութիւն մը կը բարձրանար դէպի գանկիս գագաթը։ Յանկարծ…

…Հնչեց լուրերու սկզբնաւորումը ազդանշող երաժշտութիւնը։ Աչքերս լայն բացի, ենթադրելով, որ մետասաներորդ պահուն կայան հասած տեղեկութիւն մը պիտի հաղորդեն. Ցեղասպանութիւնը ճանչցող նոր պետութի՞ւն մը արդեօք։

Սովորականէն տարբեր հաղորդավար մը երեւցաւ պաստառին վրայ եւ տուաւ մօտաւորապէս հետեւեալ բացատրութիւնը.

Ազգային ժողովի սրահին մէջ այսօր տեղի ունեցաւ պատմական հաւաք մը։ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան, օգտուելով պաշտօնական արձակուրդի օր ըլլալէն, ժողովի հրաւիրած էր նախարարները, խորհրդարանականներ, կուսակցութեանց ու մամուլի ներկայացուցիչներ, ներառեալ պատկերասփիւռի խօսնակներ, գրողներ, դերասաններ, արուեստագէտներ, լեզուաբաններ եւ ամէն տեսակի գործիչներ, անոնց փոխանցելու համար կարեւոր որոշում մը։ Ու աւելցուց, որ անմիջապէս պիտի ցուցադրեն վարչապետին ճառը։

Պաստառին վրայ երեւցաւ խորհրդարանի սրահը, որ բերնէ բերան լեցուն էր, մինչեւ իսկ անցքերուն մէջ մարդիկ նստած էին։ Ընտրութիւններէն ի վեր, Ազգային ժողովի անդամներուն մեծամասնութիւնը նեղութիւնը չէր կրած ժողովի գալու, խորհրդարանի փոխնախագահներն ալ լայն ժպիտներով ու չքմեղանքով կը յայտարարէին, թէ կարելի չէ նիստ գումարել հազիւ տասը հոգիով, ու օր մըն ալ նախընտրած էին… խմբային լուսանկար մը ունենալ, իրենց միանալու հրաւիրելով  լրագրողները։ Հիմա, խորհրդարանը իսկապէս ներկայացուցչական պատկեր մը ունէր…

Ոսպնեակը կեդրոնացաւ այն աթոռին վրայ, ուր սովորաբար կը նստի խորհրդարանի նախագահը։ Հոն նստած էր… վարչապետը. վերարկուն կախած էր աթոռին յետսամասին. քիչ մը թուլցուց փողկապը, շապիկին թեւերը արդէն ծալլուած էին կիսով։ Մեղմ ժպիտ մը կար դէմքին, այն ժպիտներէն մէկը, որ յաճախ կ՛ուրուագծուի՝ երբ կը նախագահէ կառավարութեան նիստերուն կամ աշխատանքի ժողովներու։

Ու վարչապետը խօսեցա՛ւ վերջապէս. խօսեցաւ մատը թափահարելո՛վ, ինչպէս կ՛ընէ նախարարներուն խրատական սաստեր արձակելու պահուն, յետոյ նաեւ ափը քանի մը անգամ զարկաւ սեղանի՛ն, ինչպէս կ՛ընէ մարզպետներու, գործարարներու եւ պետական այս կամ այն բաժանմունքի պաշտօնատարներու հետ իր հանդիպումներուն պահուն, ցոյց տալու, թէ ինք ամենագէտ ու ամենակարող պոսն է (ներեցէք այս միակ օտարաբանութեանս համար), մինչդեռ իր սեղանակիցները միշտ ալ ատակ են թերութեանց, իրենց գործը լաւ չեն ըներ (երբեմն իրաւունք ունի անշուշտ)։

Տպաւորիչ էր ու պատմական՝ վարչապետին սաստալից ճառը. մօտաւորպէս հետեւեալը յայտարարեց.

«Բարեկամնե՜ր, գործակիցնե՜ր, մամուլի եւ արուեստներու աշխարհներուն ծառայողնե՜ր, հայրենակիցնե՜ր,

Այսօր, 24 Ապրիլ 2017 թուակիր՝ կարեւոր հրամանագիր մը ստորագրեցի։ (Մատը կրկնակիօրէն թափահարելով) Այս օրէն սկսեալ, մեր մայրենին պիտի պահենք անխառն. երբ հրապարակային արտայայտութիւններ ունենաք, երբ պատկերասփիւռի լուրերու հաղորդման պահուն պաստառին ստորոտը բացատրութիւններ ու պաշտօններ կը գրէք, երբ մամուլին մէջ կամ գիրքերու՝ գրաւոր կ՛արտայայտուիք, ԲԱ-ՑԱՐ-ՁԱ-ԿԱ-ՊԷՍ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է օտար եզրերու գործածութիւնը։

(Միշտ մատը թափահարելով) Մեր բոլոր նախարարութիւնները պիտի կոչուին իրենց հայկական եզրերեով։

Պատկերասփիւռի կամ շարժապատկերի ժապաւէններու սկիզբի արձանագրութիւններէն միանգամընդմիշտ դուրս պիտի ձգուին ռեժիսոր, պրոտիւսեր, օպերաթոր եւ նման օտար եզրեր, որոնք խորհրդային օրերէն ի վեր ողողած են մեր եօթներորդ արուեստի աշխարհը։

Մեր երաժտութեան կալուածէն դուրս պիտի շպրտուին կոմպոզիտոր, արտիստ, տիրիժոր ու նմանօրինակ աղբեր։

Թերթերուն եւ ընդհանրապէս զանգուածային մամուլի էջերը վերջնականապէս պիտի ազատագրուին օտար բառերէ։

Աշխատանքի պիտի կոչուի լեզուաբաններէ ու հայագէտներէ կազմուած յանձնաժողով մը, որ ազնիւ բռնատիրական ոճով մեր բառարանները պիտի մաքրէ նորամուտ օտարաբանութիւններէ, մեզի պիտի սորվեցնէ, թէ ինչպիսի՜ գեղեցիկ հայերէն եզրեր ունինք բոլոր այն օտարաբանութիւններուն դիմաց, զորս առատօրէն կը գործածենք՝ երբեմն կարծելով, որ անոնք մեր բառամթերքին մաս կը կազմեն, կը մոռնանք, կ՛անտեսենք մեր լեզուի գանձերը։ (Ճիշդ այդ պահուն, քանի մը պաշտօնեայ սրահ մտան եւ ներկաներու բաժնեցին մէկական… աւել)։ Այս աւելները պիտի գործածէք՝ մասնկցելու համար մեր լեզուի պղծումին դադրեցման»։

Հրամանագիրը ունի յաւելուած մըն ալ. «Օտար անուններ կրող ընկերութիւններն ու կազմակերպութիւնները պիտի հայացնեն իրենց անունները, խանութներու եւ հաստատութեանց վերեւէն օտարաբանութիւնները պիտի վերանան։ Բացառութիւն են միջազգային ճանաչում ունեցող ու անթարգմանելի անունները, ի սկզբանէ ոչ-հայկական ընկերութիւնները։ Մեր փողոցները, տուներն ու հաստատութիւնները պիտի հա՛-յա՛-նա՛ն։ Սա ազգամոլութիւն չէ, այլ ինքնագիտակցութեան արտայայտութիւն»։

Ու անգամ մըն ալ ձեռքը սեղանին զարնելով՝ եզրափակեց. «Ասկէ ետք ոեւէ մէկէդ չլսեմ կամ տեղ մը չկարդամ որեւէ օտարաբանութիւն։ Այս օրէնքը անտեսողները, սկսելով ինձմէ, պիտի ենթարկուին ծանր տուգանքի. գոյանալիք գումարները պիտի տրամադրուին օտարաբանութիւներով կազմուած մեր բառարաններուն վերախմբագրման»։

Եւ իբրեւ վերջին արտայայտութիւն օտարաբանութիւններուն պատճառած զայրոյթին, վարչապետը աննախընթաց ուժգնութեամբ ափը զարկաւ սեղանին, խորտակելով խօսափողը։

Աղմուկը ա՛յնքան ուժգին էր որ… աչքերս բացի։ Աթոռիս վրայ էի, պատկերասփիւռիս դիմաց, գլուխս բարձիկին յենած։ Պաստառին վրայ ո՛չ վարչապետ կար, ոչ ալ խորհրդարանի լեցուն սրահ։ Առեւտրական ծանուցումներու շարքը կը շարունակուէր օտարաբանութիւններով ու հայկական խեղեալ անուններով։

Հասկցաք անշուշտ, ինչպէս որ ես հասկացայ քանի մը ակնթարթ ետք. մրափս զիս երազներու աշխարհը տարած էր պահիկ մը։

Բայց… եկէ՛ք, անկեղծ ըլլանք. դուք ալ երբեմն բաց աչքերով նման երազներ չէ՞ք տեսներ, չէ՞ք ցանկար, հրամայելու պէս չէ՞ք փափաքիր, որ նման երազներ իրականանան ու տարածուին նաեւ… ուղղագրութեան կալուածին վրայ։

Եւ որպէսզի չդատուիմ իբրեւ միակողմանի ու անարդար մօտեցում ունեցող՝ աւելցնեմ, որ արեւմտահայերս ալ զերծ չենք այս ախտէն։ Յակոբ Պարոնեան իր օրերուն բաւական մելան սպառած է օտարամոլութիւնը պատէ պատ զարնելու համար։ Եթէ դիմատետր ունենար, զայն ալ կ՛օգտագործէր հաւանաբար։

 

Յ.Գ.- Հաւանաբար կարգ մը ընթերցողներ այս սիւնակին մէջ վիրաւորանք տեսնեն բարձրադիր պատասխանատուներու հասցէին։ Սա ոչի՛նչ է, բաղդատմամբ այն վիրաւորանքին ու բզկտումին, որուն անխնայ կերպով կ՛ենթարկուի մեր լեզուն ամէն օր, ամէն ժամ։

24-26 Ապրիլ 2017

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Աղբյուրը` ՊՏՂՈՒՆՑ ՄԸ ԴԱՌՆ ԵՐԳԻԾԱՆՔ- Երբ Վարչապետը Զայրանայ…

Գրառումը կատարվել է Գերատեսչություններ և կազմակերպություններ, Գործարարություն, Զրույցներ լեզվի մասին, Հրապարակախոսական բաժնում։ Էջանշեք այս հղումը.