Կրթութեան ասպարէզին մէջ մեծ ծառայութիւններ մատուցելու, հայոց լեզուն ֆրանսական միջավայրի մէջ զարգացնելու համար բանասէր, լեզուաբան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Ռոպեր Տէր Մերկերեան վերջերս Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութեան կողմէ ստացած է«Ակադեմական դափնիներ» պատուաւոր տիտղոսը եւ շքանշանը:
Այս առիթով կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը Ռոպեր Տէր Մերկերեանի հետ:
– Օրերս լրացաւ 80 ամեակս: Երկար տարիներու պատմութիւն, որուն ընթացքին ունեցած եմ թէ՛ ուրախութեան, թէ՛ տխրութեան պահեր, զանազան հանդիպումներ, որոնցմէ շատերն անցած-գացած են, որոշներն ալ դարձած են մնայուն:
Իմ կեանքիս մէջ եղած է նաեւ արտակարգ հանդիպում մը, որ ուղի հարթեց ինծի համար: Երբ Երեւանի պետական համալսարանն աւարտելէ յետոյ կ՛ուսանէի Ֆրանսայի Փրովանս համալսարանին մէջ, արձանագրուած որպէս ռուսերէն լեզուի ուսանող, հանդիպեցայ անուանի լեզուաբան Փոլ Կարտին: Հէնց ան ալ ճանապարհ ուղենշեց ինծի համար դէպի համալսարանական միջավայր (ղեկավարեց իմ դոկտորական աշխատանքը, 5 տարի անց յանձնաժողովի անդամ էր, երբ երկրորդ գիտական աշխատանքս կը պաշտպանէի): Անոր խորհուրդով սկսայ քանի մը ժամ հայերէն դասեր տալ համալսարանին մէջ: Քանի որ ուսանողները հետաքրքրուած էին առարկայով, դասընթացներն աւելի ընդգրկուն դարձան, ժամերը շատցան:
Ֆրանսական համալսարանին մէջ, իրականութիւնը, նոր առարկայ դասաւանդելը շատ դժուար է, որովհետեւ պէտք է ցոյց տալ, թէ ինչ արժէք ունի այդ լեզուն, քաղաքակրթութիւնը, պատմութիւնը, որքանով այն կը հետաքրքրէ ուսանողներուն:
Ես կրցայ իմ առարկան ո՛չ միայն ընդունելի դարձնել, այլեւ տարիներ անց յաջողեցայ Փրովանս համալսարանին մէջ Հայոց լեզուի ամպիոն բանալու, առաջին ամպիոնն ամբողջ Ֆրանսայի, համալսարանական միջավայրին մէջ:
Տարիներու ընթացքին ստացայ փրոֆէսորի կոչում, ղեկավարեցի գիտահետազօտական աշխատանքներ: Այդպէս, մօտ 40 տարի դասաւանդեցի արեւելահայերէն ֆրանսական համալսարանին մէջ:
Մինչ Փրովանս համալսարանէն ներս դասաւանդելս, հայերէնը Ֆրանսայի մէջ որեւէ կարգավիճակ չունէր, անգամ որպէս փոքրամասնութեան լեզու ընդունուած չէր: Երբ սկսայ համալսարանին մէջ աշխատիլ, Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութիւնն ընդունեց, որ հայերէնը կարելի է նաեւ համարել որպէս բակալորիայի (վերջինս Ֆրանսայի աւարտական` երկրորդական դպրոցն է) քննութեան առարկայ: Կը յիշեմ, 1971-72 թուականներուն անգամ ֆրանսահայ մամուլը գրեց, որ առաջին անգամ թեկնածուներ կան, որոնք կը ներկայացնեն հայերէնը որպէս բակալորիայի կենդանի լեզու: Առաջին տարին անոնց թիւն ընդամէնը երկուքն էր, որ տարիներու ընթացքին դարձաւ 12, 22, 52 եւ այսպէս շարունակ: Առ այսօր այն աշակերտները, որոնք կ՛աւարտեն միջնակարգ դպրոցը` կրնան հայերէնը ներկայացնել որպէս առաջին օտար լեզու: Սա մեծ յաջողութիւն էր հայոց լեզուն տարածելու եւ ընդունելու որպէս կենդանի լեզու` Ֆրանսայի մէջ գործածուող լեզուներուն մէջ:
Հայերէնի դասընթացը կը տեւէ 3 տարի, շաբաթական 3 դասաժամ: Աշխատանքս հետաքրքիր էր, մեծ եռանդով կ՛աշխատէի եւ կը փորձէի առաւելագոյնս ներկայացնել հայերէնի արժէքները, անոր պատմութիւնը, քաղաքակրթութիւնը:
Դասաւանդման 40 տարիներուն ընթացքին ուսանողներ ունեցած եմ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք, երբ ամէնուր կը խօսուէր Հայաստանի մասին, աւելի մեծ հետաքրքութիւն յառաջացաւ հայերէնի նկատմամբ:
Ուսանողներու մեծամասնութիւնը ծագումով հայեր էին, թէեւ այս բառը քիչ մը խրտչեցնէ ինծի: Ին՞չ կը նշանակէ ծագումով հայ: Այն, որ քու հայրերդ, պապերդ հայ եղած են եւ դուն ժառանգած ես անոնց ազգանունը: Ազգանունը կը նշէ քու պատկանելիութիւնդ, բայց ատիկա բաւական չէ ազգային պատկանելիութեան զգացում ունենալու համար: Վերջինիս համար պէտք է արժէքները իմանալ` լեզուական, պատմական, մշակութային: Եթէ ո՛չ, ապա այն ազգային պատկանելիութիւն չի կարելի համարել: Ապրիլ ազգային կեանքով, մասնակցիլ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող ազգային իրադարձութիւններուն. ծագումով հայերը չունին այդ ամէնը:
Արդէն 10 տարի է` թոշակի անցած եմ: Համալսարանին մէջ իմ աշխատանքս կը շարունակէ հայ միջնադարեան ճարտարապետութեան յայտնի մասնագէտ Պատրիկ Տօնապետեան, որ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ է, որոնք կը վերաբերին մեր միջնադարեան կոթողներուն: Ան եղած է նաեւ իմ առաջին ուսանողներէս մէկը, ե՛ս անոր հայոց այբուբենը սորվեցուցած եմ հեռաւոր` 1972 թուականին:
– Պարո՛ն Մերկերեան, մանկավարժական գործունէութեան զուգահեռ Դուք զբաղուած էք նաեւ արդի գրական հայերէնի երկու տարբերակներու բառակազմական խնդիրներուն, բառակերտման գործընթացի ուսումնասիրութեամբ:
– Քանի որ կը տիրապետեմ ե՛ւ արեւելահայերէնին, ե՛ւ արեւմտահայերէնին, ինծի համար հեշտ էր համեմատել արդի հայերէնի զարգացման միտումները` երկու լեզուաճիւղերուն միջեւ: Այդ առիթով գրած եմ մօտ 30 յօդուած, ուր ուսումնասիրած եմ արեւելահայերէնի օգտագործումը արեւմտահայ միջավայրին մէջ եւ հակառակը:
Տարիներու ուսումնասիրութեան ընթացքին այն մտքին յանգած եմ, որ արեւելահայերէնն ուժեղ ազդեցութիւն ունի արեւմտահայերէնին վրայ, անգա՛մ Սփիւռքի մէջ: Նկատած եմ, որ արեւմտահայերէնըտիրապետող մարդիկ երբ կու գան Հայաստան, զարմանալիօրէն շատ արագ կը սկսին արեւելահայերէն խօսիլ: Երբ, օրինակ, արեւելահայ լեզուի կրողը կու գայ Ֆրանսա, կը շարունակէ խօսիլ արեւելահայերէն, այլ ո՛չ թէ արեւմտահայերէն:
Քանի մը տարի առաջ Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ջահուկեանական ընթերցումներու ընթացքին հանդէս եկայ զեկոյցով մը, ուր փաստերով ներկայացուցի, թէ ինչպէս արեւելահայերէնը կը մտնէ արմտահայերէնի օգտագործման ոլորտ: Երբ կ՛ըսեմ արեւմտահայերէնի օգտագործման ոլորտ, հասկցէ՛ք, որ ատոնք շատ սահմանափակ ոլորտներ են, որովհետեւ բոլոր մշակութային միութիւններու, կազմակերպութիւններու ժողովները կը կատարուին ֆրանսերէն: Արեւմտահայ փոքրամասնութեան ղեկավարներէն շատերն այսօր, դժբախտաբար, չեն տիրապետեր արեւմտահայերէնին, որ կը դժուարացնէ հայերէն ժողովներ գումարելը: Վերջերս, օրինակ, Մարսէլի Մայր տաճարին մէջ եկեղեցւոյ տարեկան ժողովն էր: Բոլորը խօսեցան ֆրանսերէն, բացի Տէր Արամէն, որ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է:
1991-92 թուականներուն հիմնադրեցի Արեւմտահայ աշխարհաբարի եզրաբանական խորհուրդը, որն իր գործունէութիւնը շարունակեց մօտ 10 տարի: Վերջինս հիմնական կը զբաղուէր ուղեցոյցներ հրատարակելով: Հրատարակեցինք 4 ուղեցոյց, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պարունակէր տարբեր ոլորտներու պատկանող բառապաշար: Ուղեցոյցները բաւականին յաջողութիւն ունեցան:
– Հայերէնին նուիրուած ուսումնասիրութիւններուն զուգահեռ Դուք նաեւ ինքնութեան վերաբերող աշխատութիւն հրատարակած էք:
– Երկու տարի առաջ հրատարակեցի «Հայոց ինքնութեան 12 սիւները» ֆրանսերէն աշխատութիւնը: Երկար մտածելէ, որոնումներէ յետոյ եկայ այն եզրահանգման, որ մեր պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած են միայն 12 կարեւոր իրադարձութիւններ, մարդիկ են, որոնք կը կազմեն հայոց ինքնութեան յենասիւները:
Գիրքը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ: Իրականութեան մէջ, երբ հայ գրականութեան, պատմութեան վերաբերող գիրքեր կը հրատարակուին, շատ քիչ կը վաճառուին: Նախ հայ համայնքն այնքան ալ ընթերցող չէ, միւս կողմէն ֆրանսացիներուն այնքան ալ չեն հետաքրքրեր այդ հարցերը: 1000-է աւելի գիրք վաճառուեցաւ, հրատարակիչն անգամ կատակով ըսաւ, թէ` քու գիրքիդ շնորհիւ միայն սկսայ դրամ շահիլ:
Կը կարծեմ, որ աշխատութեան մէջ ներառուած իւրաքանչիւր սիւն կը համապատասխանէ համայն հայութեան արժէքներուն, ուր ալ ան գտնուի: Հայկ Նահապետ, Տիգրան Մեծ, Աւարայրի ճակատամարտ, լեզու` որպէս հայ ինքնութեան խորհրդանիշ, կրօն, Հայոց ցեղասպանութիւն, Սայաթ-Նովա, Կոմիտաս, Սարդարապատի ճակատամարտ եւ Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրում եւ այլ կարեւոր դէպքեր ու դէմքեր:
Շատ օգտակար գիրք է յատկապէ՛ս ֆրանսահայ երիտասարդին համար, որպէսզի իմանայ` ինչ բանի վրայ հիմնուած է հայոց ինքնութեան սիւնը, ինչ կը նշանակէ հայ ըլլալը: Յատկապէս, որ այդ հարցը յաճախ կու տան Ֆրանսայի մէջ` ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալը, ո՞վ է հայ, ո՞վ` ոչ, հայերէն չիմացողը կրնա՞յ ինքզինք հայ համարել եւ այլն:
– Լեզուն` որպէս հայ ինքնութեան խորհրդանիշ (ինչպէս դուք նշեցիք), որքանո՞վ կարեւոր է ինքնութեան պահպանման համար:
– Մայրենիի իմացութիւնն անհրաժեշտութիւն է: Այն մարդիկ, որոնք համայնքէն ներս կը զբաղին աշխոյժ գործունէութեամբ, բայց հայերէն չեն գիտեր` կաղ են (գուցէ խօսքերս քիչ մը խիստ կը հնչեն), չունին մուտք դէպի հայոց քաղաքակրթութիւն: Երբ Սայաթ-Նովա կը լսեմ, բան չեն հասկնար, չեն զգացուիր: Իմ կարծիքովս հայերէնի իմացութիւնը կարեւորագոյն պայմաններէն մէկն է իրեն հայ զգալու համար:
Չեմ կրնար ըսել, որ հայերէն չիմացողը հայ չէ, բայց ինծի կը թուի, որ հայերէնի իմացութիւնն ամենամեծ, ամենաանհրաժեշտ պայմանն է հայ ըլլալուն:
– Պարո՛ն Մերկերեան, կրթութեան ասպարէզին մէջ մեծ ծառայութիւններ մատուցելու համար աշնան պարգեւատրուած էք Ֆրանսայի պետութեան կողմէ: Նախ կը շնորհաւորենք պատուաւոր տիտղոսի առիթով եւ կը ցանկամ` քիչ մը մանրամասնութիւններ ներկայացնել:
– Շնորհակալութի՛ւն: Պարգեւը, որ ստացած եմ, կը կոչուի «Ակադեմական դափնիներ»: Ֆրանսայի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ կը տրուի այն մարդոց, որոնք մեծ ծառայութիւններ մատուցած են կրթութեան ասպարէզին մէջ:
Ես այդ կոչման արժանացած եմ մանկավարժական գործունէութեան, հայոց լեզուն ֆրանսական, համալսարանական միջավայրի մէջ զարգացնելու համար:
Հետաքրքիր է, որ արարողութեան ընթացքին կրծքանշանը քեզ կը յանձնէ այն մարդը, որ արդէն ունի այդ պարգեւը: Ի ուրախութիւն ինձ, պարգեւը յանձնեց Փրովանս համալսարանի նախկին ղեկավարներէն մէկը, ծագումով հայ Փոլ Քաֆթանճեանը, որուն հետ ճանապարհորդած ենք Հայաստան դեռ 1994 թուականին, երբ Փրովանս համալսարանի եւ ԵՊՀ-ի միջեւ ստորագրուեցաւ փոխհամագործակցութեան յուշագիր, որուն շնորհիւ առ այսօր կը պահպանուին կապերը երկու երկիրներու համալսարաններու միջեւ:
– Ըսիք, որ մանկավարժական գործունէութեան ընթացքին փորձած էք Ձեր ուսանողներուն փոխանցել հայերէնի արժէքները: Ձեր կարծիքով ո՞րն է հայոց լեզուի ամենամեծ արժէքը:
– Ես 5 լեզու գիտեմ, ինչը կ՛օգնէ, որ արժեւորեմ իմ մայրենին` հայերէնը, ինչպէս այն արժեւորած են շատ յայտնի լեզուաբաններ, օրինակ` Անթուան Մէյեն:
Հայերէնը նուրբ լեզու է, հայախօս մարդիկ շատ հեշտութեամբ կ՛արտասանեն այլ լեզուներու հնչիւնները, որովհետեւ հայերէնը շատ հարուստ հնչիւնական համակարգ ունի: Երբ որեւէ հայ կը խօսի անգլերէն, արաբերէն կամ ռուսերէն, անոր օտար ըլլալն աւելի քիչ կը զգացուի, որովհետեւ ան վարժուած է այդ լեզուներուն բնորոշ բոլոր հնչիւններուն: Բառապաշարի հարստութիւնը եւս իր տեղն ունի:
Ես ինծի յաճախ հարց կու տամ` ինչպէ՞ս բացատրել, որ հայ ազգը գոյատեւած է 2000-2500 տարի: Մեր տարածաշրջանին մէջ ապրող քանի-քանի ազգեր այսօր միայն պատմութեան դասագիրքերու մէջ մնացած են, իսկ մենք` կորսնցուցած ենք պետականութիւն, փոթորիկներու միջով անցած ենք, սակայն կը շարունակենք ապրիլ:
Որ՞ն է պատճառը, որ շատ ազգեր ու պետութիւններ փորձած են նուաճել, ենթարկել իրենց, բայց մենք մնացած ենք: Ինչու՞: Պատասխանը շատ պարզ է. հայ ազգի իւրայատուկ յատկութիւններէն է փոխանցումը, ազգային աւանդութիւնները, առասպելները, յիշողութիւնը մէկ սերունդէն միւսը փոխանցելը, ինչը եւ փրկած է մեր ժողովուրդը ձուլուելէն: Իմ ուսանողներուս յաճախ «Սասուցի Դաւիթ» էպոսի օրինակը կը բերեմ. մօտ 1000 տարի բանաւոր փոխանցուելէ յետոյ Սրուանձտեան գրի առած է այն միայն 1873 թուականին:
Երկրորդ արժէքը կրօնն է, եթէ չընդունէինք քրիստոնէութիւն, դժուար է ըսել` հիմա ուր կ՛ըլլայինք: Կղզիի նման ապրած է մեր ազգը` շարունակելով պայքարիլ, պահպանել իր ինքնութիւնը:
Այսօր այդպէս է, կը պայքարինք Հայաստանի Հանրապետութեան պահպանման, զարգացման համար: Հայ ժողովուրդի ճակատագիրն անընդհատ, սերունդէ սերունդ պայքարիլն է. պայքարիլ իր ինքնութեան համար, պաշտպանել իր արժէքները` լեզուական, պատմական, մշակութային, որպէսզի կարենանք ապրիլ եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցել մեր արժէքները:
– Պարոն Մերկերեան, այժմ ի՞նչ աշխատանքով զբաղուած էք:
– Նախաձեռնած եմ աշխատութիւն մը, որուն թեման, մտահոգութիւնը Հայկական սփիւռքի կեանքն ու անոր յարատեւութեան պայմանները ուսումնասիրելն է: Այն սփիւռքներուն, որոնք ժամանակին բաւականին զարգացած եղած են, սակայն տարիներու ընթացքին մարած են, կորչած: Իմ ապագայ գիրքիս մէջ կը ցանկամ ներկայացնել այդ համայնքներուն (Եթովպիա, Հնդկաստան, Ղրիմ, Լեհաստան, Նոր Ջուղա) պատմութիւնը` կազմաւորումը դարեր առաջ, զարգացման փուլերը եւ դանդաղ կազմալուծումը: Տարբեր գաղութներու քայքայման, գրեթէ անհետացման պատճառները տարբեր են, իրենց տեղերը կը մնան միայն ժամանակին կառուցուած եկեղեցիները, մատուռներն ու որոշ յուշարձաններ:
Օրինակ` լաւ կազմակերպուած համայնքներ ունեցած ենք Եթովպիոյ, Հնդկաստանի, Ղրիմի, Լեհաստանի, Նոր Ջուղայի մէջ, որոնք, սակայն, ժամանակի ընթացքին մարած են կամ թուլցած: Եւթովպիոյ մէջ, օրինակ, 2500 հայ ապրած է, այսօր մնացած է միայն 40-ը: Լեհաստանի մէջ բոլորովին վերջերս կը տօնէին հայերու ներկայութեան 650-ամեակը, իսկ այսօր այդ երկրին մէջ գրեթէ հայ չէ մնացած:
Անգամ այսօրուան ամենահզօր սփիւռքները, գուցէ, յետագային մարին: Իսկ պատճառները շատ են` խառնամուսնութիւններ, լեզուի նահանջ եւ այլն: Ի վերջոյ, Սփիւռքի կեանքը կախում ունի նաեւ տեղական, ընդունող երկրի վերաբերմունքէն:
Որքան ալ դժուար է, բայց պիտի խոստովանինք, որ Սփիւռքը կամ սփիւռքները յաւիտենական չեն եւ որքան շատ մերուին տեղական հասարակութեան մէջ, այնքան կորսնցնելու հնարաւորութիւնները մեծ են: Ըսել է թէ` Սփիւռքը յարատեւ չէ, անոր ապագան վտանգի տակ է:
Իմ գիրքիս մէջ կը փորձեմ Հայկական սփիւռքի 5 օրինակ ցոյց տալ, երբ երբեմնի ծաղկուն համայնքներէն այսօր մնացած են միայն եկեղեցիները:
Լուսինէ Աբրահամեան
Աղբյուրը՝ Հայերն այսօր պարբերական