Անարգել կը շարունակուին հայրենի այս լրատուական ցանցին՝ հայերէնի հանդէպ գործած ոտնձգութիւնները, որոնք մասամբ անտարբերութեան, մասամբ ալ տգիտութեան հետեւանք են: Կը մէջբերենք նմուշներ միայն այսօրուան՝ 5-12-19-ի թողարկումէն՝ առանց սպառելու առկայ բոլոր աղաւաղումները:
***«Չշտապենք եւ թողնենք, որպէսզի քննութիւնն ընթանայ»:
– Պէտք է ըլլայ՝ «որ քննութիւնն ընթանայ»: (ուղիղ խնդիր ստորադասութիւն)
Այս հիւանդագին ռուսաբանութիւնը կը շարունակուի այս սիւնակներուն մէջ:
***«Շատ աւելի լաւ կը լինէր, որպէսզի կանխարգելիչ միջոցառումներ գոյութիւն ունենար եւ գործէր»:
– Նոյն գռեհկութիւնը, որուն վրայ աւելցած է քերականական սխալ մըն ալ. պէտք է ըլլայ՝ «միջոցառումներ գոյութիւն ունենային եւ գործէին»:
*** «Գեղարքունիքի մարզը երկրի այցեքարտն է»:
– Էդուարդ Աղայեան («Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան») եւ Ստեփանոս Մալխասեան կ’ընդունին միայն այցաքարտ-ը ու կը մերժեն այցեքարտ-ը:
Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ Արմէնպրեսի «հայագէտները» ի՞նչ աղբիւրէ կը խմեն իրենց ջուրը:
***«Ծխախոտի արտադրատեսակների եւ դրանց փոխարինիչների օգտագործման հետեւանքով առողջութեանը հասցուող վնասի նուազեցման մասին…»:
– Ինչպէս նկատելի է, կ’ակնարկուի դրական երեւոյթի մը, որ է ծխախոտի պատճառած «վնասի նուազեցումը», ուրեմն պարտինք ըսել շնորհիւ եւ ոչ թէ հետեւանքով:
Շնորհակալ ենք, որ չէ ըսուած արդիւնքում, ինչպէս սովորութիւն էր եւ սովորութիւն դարձուցին մեր կարգ մը հոսհոսներն ալ սփիւռքի մէջ: Այսուհանդերձ տակաւին հեռու ենք ճիշդ մտածողութենէ:
***«Անհրաժեշտ միջոցներ է յատկացւում Նիդերլանդների դեսպանութեան բացման…»
– Միջոցներ յոգնակի ենթական կը պահանջէ յոգնակի ստորոգիչ՝ յատկացւում են:
***«Պարզորոշ կերպով մատնանշում է Արցախի ժողովուրդի իրաւունքը ունենալ եւ որոշել իրենց կարգավիճակը»:
– Իրենց յոգնակի դերանունը կը փոխարինէ ժողովուրդի եզակի գոյականը. ըլլալիք բա՞ն է այս:
Միւս կողմէ՝ իրաւունքը գոյականը՝ իբրեւ բացայայտիչ ունի «ունենալ եւ որոշել իրենց կարգավիճակը»:
Ո՞ր իրաւունքը կամ ի՞նչ իրաւունք «ունենալ եւ որոշել…»:
Ուրեմն պէտք է բութով տրոհուին այս երկուքը՝ բացայայտեալն ու բացայայտիչը:
Ի վերջ բանիս, պէտք է ունենայինք. «Պարզորոշ կերպով մատնանշում է Արցախի ժողովուրդի իրաւունքը՝ ունենալ եւ որոշել իր կարգավիճակը»:
Յ. Գ.
«Արմէնպրես»-ը խմբագրողները իրենց ուսանողական տարիներուն տուեալ համալսարաններու մէջ անշուշտ լեզու եւ գրականութիւն սերտած են՝ առանց շատ բան սորված ըլլալու, ինչպէս կը նկատենք: Այս ողորմելի արդիւնքները ցոյց կու տան, որ վերջին հաշուով ամէն բան կախեալ է ենթակայէն, եւ համալսարանը շատ բան չի կրնար ընել:
Keghart.com-ի խմբագրութեան կողմէ.–
Յարգարժան Դոկտ. Արմենակ Եղիայեանի նշած սխալներուն աւելցնենք եւս մէկը, որ թէեւ լեզուական բնոյթ չունի, սակայն կարելի չէ լուռ անցնիլ անոր վրայէն:
Վերջին օրինակին մէջ կը խօսուի «Արցախի ժողովուրդ»ի մը գոյութեան մասին: Ասիկա գաղափարական խափանարարութիւն է: Խորհրդային ժամանակաշրջանին, նման սխալ թոյլ տուողները առնուազն կը հեռացուէին աշխատանքէն, յաճախ նաեւ ուրիշ պատիժներու կ’արժանանային:
«ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» ՉԿԱ՛Յ, կայ Արցախի մէջ ապրող ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ: Պատկերացուցէ՛ք անհեթեթութիւնը եթէ ըսենք՝ Երեւանի ժողովուրդ, Սիւնիքի ժողովուրդ, Ճաւախքի ժողովուրդ… Չզարմանա՛ք՝ հայկական լրատուամիջոցներու մէջ հանդիպած ենք նոյնիսկ «Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդՆԵՐ» ցնդաբանութեան, կարծէք երկուքն ալ նոյն՝ հայ ժողովուրդի տարբեր մասնիկները չեն: Դեռ չենք խօսիր այն մասին, որ Արցախը Հայաստանէն դուրս գոյացութիւն կամ տարածք չէ:
Արցախը Հայաստանի անբաժան մասն է եւ՝ ՎԵ՛ՐՋ, ինչպէս Հայաստանի անբաժան ու յաւիտենական մասն են նաեւ Ճաւախքը, Նախիջեւանը, Պարսկահայքը, Թուրքիոյ գրաւման տակ գտնուող՝ Հայաստանի արեւելեան հատուածի Կարսի եւ Սուրմառուի (ո՛չ Սուրմալուի) շրջաններն ու ամբողջ արեւմտեան հատուածը: Հայաստանը բովանդակ Հայկական Բարձրաւանդակն է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի ընդամէնը մասերն են:
Դոկտ. Արմենակ Եղիայան
Ազղբյուրը՝ Արմէնպրեսն ու Հայերէնը